Նախագահ Սարգսեանի Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերուհ ամահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն հետ հանդիպումին ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը պիտի չվրիպէր անշուշտ Անգարայի վարիչներուն ուշադրութենէն։ Այս պարագային սակայն, ոչ միայն չէ վրիպած, այլ խոշորացոյցի տակ առնուած է վարչապետ Էրտողանի կողմէ եւ աւելին. սուր քննադատութեան արժանանալով, յայտարարութիւնը առիթ ծառայեցուած է, որ Թուրքիոյ վարչապետը Երեւանէն պահանջէ ներում հայցել Թուրքիոյ։ Նախ բառացի մէջբերենք […]




