Կային ժամանակներ, ոչ-հեռաւոր, երբ հոգեւոր տուները կը գործէին զուտ իրենց կալուածներէն ներս, եկեղեցական արարողութիւններով ու գործունէութիւններով, իրենց կապը իրենց հօտին հետ ըլլալով առիթէ-առիթ կամ յատուկ պարագաներու։ Կային նաեւ ժամանակներ, դարձեալ ոչ-հեռաւոր, երբ ազգային-մշակութային-միութենական կեդրոնները, անկախաբար իրենց ներքին կազմակերպչական աշխատանքներէն եւ շարժումներէն, կը ծաւալէին բեղուն գործունէութիւններ ու կը լծուէին հրապարակային բազմատեսակ ձեռնարկներու։ Այսօր, կարելի՞ է ըսել […]




