Պէյրութ, 2009 թուականին հրատարակուած է «Լիբանանի Հայերը, անցեալի իշխանուհիներ ու գաղթականներ եւ ժամանակակից համայնք» խորագրեալ եռալեզու հատորը, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն բաժիններով, մասնակցութեամբը աւելի քան տասնեակ մը աշխատակիցներու՝ խմբագրական տնօրէնութեամբ Այտա Պուճիգանեանի: Ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, այս հատորին հեղինակները կը յաւակնին լիբանանահայ գաղութին կազմութեան, ազգային կառոյցներու կազմաւորման եւ համասփիւռքեան կեանքին իր ունեցած մասնակցութեան պատմութիւնը […]




